2014-11-29 15:19:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` Իսթանպուլի ''Սուրբ Հոգի'' Եկեղեցիին մէջ գլխաւորած միջ-ծիսական Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։


(Ռ.Վ. 29 նոյեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի` Իսթանպուլի ''Սուրբ Հոգի'' Եկեղեցիին մէջ գլխաւորած միջ-ծիսական Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Շաբաթ, 29 նոյեմբերի յետմիջօրէի ժամը 16-ին (հռոմի ժամով 15-ին), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իսթանպուլի Սուրբ Հոգի Եկեղեցւոյ մէջ, գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի միջ-ծիսական արարողութիւնը, մասնակցութեամբ թուրքիոյ Հայ, Ասորի, Քաղդէացի եւ Լատին համայնքներու հաւատացեալներուն եւ առաջնորդներուն, որոնց շարքին նշենք` Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի առաջնորդ` Արհիապատիւ Հ. Լեւոն Պօղոս Արք. Զէքիյանը։
Արարողութեան ընթացքին արտասանուեցան հայրերէն, թրքերէն, արամերէն, իտալերէն ֆրանսերէն, անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով աղօթքներ մինչ Նորին Սրբութեան հետ համապատարագեցին վերոյիշեալ համայնքներու առաջնորդներն ու կղերական դասի անդամները։
Յայտնենք որ Սուրբ Զոհը սկիզբ առաւ` Կաթողիկէ Հայ եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարողութեամբ` ''հրաշափառ'' օրհներգի երգեցողութեամբ։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգւոյն վրայ, հաստատելով թէ Սուրբ Հոգին մղիչ ուժն է Եկեղեցւոյ։ Ան կեանք կը շնորհէ եւ բազմաթիւ խարիզմներ կը պարգեւէ որոնք Աստուծոյ ժողովուրդը կը հարստացնեն։ Ան մանաւանդ Միութիւն կը ստեղծէ հաւատացեալներու միջեւ։ Համայն Եկեղեցւոյ կեանքն ու առաքելութիւնը կախեալ են Սուրբ Հոգիէն որ ամէն բան կ՛իրագործէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''Ոչ մէկը կրնայ դաւանիլ թէ Յիսուս Տէրն է առանց Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան'' ինչպէս կը գրէ Սուրբ Պօղոսը Կորընթացիներուն ուղղած իր անմանկին մէջ։

Երբ մենք աղօթենք Սուրբ Հոգին է որ աղօթքը կը յարուցէ մեր սրտերուն մէջ, երբ դուրս կու գանք մեր եսասիրութեան միջավայրէն ու կ՛ ընթանանք դէպի ուրիշը, անոր հանդիպելու, ունկնդրելու եւ օգնելու, մղուած են Աստուծոյ Հոգիէն եւ երբ մեր եղբայրակիցներուն հետ կը վերաբերուինք սրտերը ջերմացնող քնքշութեամբ` Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ է որ այս մէկը կը կատարենք։
''Սուրբ Հոգին հոգի է միութեան որ չի նշանակեր միաձեւութիւն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ Սուրբ Հոգին կ՛իրագործէ Եկեղեցւոյ միութիւնը. Միութիւնը հաւատքի, սիրոյ եւ ներքին համախմբումի մէջ։ Եկեղեցին եւ Եկեղեցիները կանչուած են թոյլատրելու Սուրբ Հոգիին որ առաջնորդէ զիրենք, Անոր հանդէպ բացուածքի, հեզութեան եւ հնազանդութեան դիրք մը ունենալով։
Մեր հաւատքի եւ եղբայրութեան ճանապարհորդութեան ընթացքին, որքան աւելիով թոյլ կու տանք Սուրբ Հոգիին որ առաջնորդէ մեզ այնքանով կրնանք յաղթահարել անհասկացողութիւնները, բաժանումները եւ վէճերը եւ կը դառնանք միութեան ու խաղաղութեան նշան։
''Այս ուրախալի որոշակիութեամբ է որ ձեզ բոլորդ կ՛ողջագուրեմ սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր'' ըսաւ Քահանայապետը քարոզին աւարտին, յատուկ ողջոյն մը ուղղելով ներկայ գտնուող Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդներուն, Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքին, Ասորի Օրթոտոքս Մետրոպոլիտին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդին եւ աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն, ապա յատուկէն նշեց Թուրքիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ` Մեսրոպ Բ Պատրիարքը, Անոր ապահովացնելով իր աղօթքները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ներկաները հրաւիրեց հայցելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ աղօթելու Տիրոջ ''որպէսզի մեր սրտերուն ուղարկէ Սուրբ Հոգին ու մեզ դարձնէ իր Աւետարանին վկաները, Համայն աշխարհի համար։ Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.